2013-08-05 11:38:14

Կարտինալ Թուրքսոն 5-9 Օգոստոս Ճաբոնի Մէջ Ոգեկոչելու` Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի Զոհերը։


Օգոստոս 5-9 Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Թուրքսոն Ճաբոն կը մեկնի ոգեկոչելու Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի, 1945-ի 6 եւ 9 օգոստոսի, միջուկային ռմբակոծումներու զոհերը։

Այս առթիւ Ճաբոնի եպիսկոպոսները նախաձեռնած են նաեւ ''խաղաղութեան համար 10 օր'' վերտառութեամբ ծրագիր մը ի յիշատակ միջուկային ռմբակոծումներու զոհերուն։

Կարտինալ Թուրքսոնի այցելութեան յայտագիրը 5 օգոստոսին կը նախատեսէ հոգեհանգստեան ս. պատարագ Հիրոշիմայի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Յաջորդ օրը Ան կը մասնակցի միջկրօնական հանդիպումի մը` պուտտայականներու, շինդոյիսդներու ու բողոքականներու հետ։ Այս առթիւ կարտինալը ճառ մը պիտի արտասանէ ''համաշխարհային խաղաղութեան կերտումը փոխադարձ համագործակցութեամբ'' նիւթին մասին։

Չորեքշաբթի 7 օգոստոսին Ծիրանաւորը Նակազաքիի մէջ կը մասնակցի ընթրիքի մը կազմակերպուած` համաշխարհային խաղաղութեան երկխօսութեան միջկրօնական Կեդրոնի կողմէ։

Հինգշաբթի 8 օգոստոսին, Կարտինալ Թուրքսոն կը մասնակցի միջկրօնական արարողութեան մը որուն ընթացքին աղօթք մը կը կատարէ բոլոր զոհերուն համար եւ մասնաւորապէս անոնց համար որոնք տակաւին կը տառապին միջուկային շողարձակումի հետեւանքներէն։

Հուսկ 9 օգոստոսին. միշտ Նակազաքիի մէջ Կարտինալ Թուրքսոն աշխարհի խաղաղութեան համար նուիրուած սուրբ պատարագի արարողութեամբ կ՛եզրափակէ ճաբոնի իր ճամբորդութիւնը եւ կը վերադառնայ հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.